Թորոս Լեւոնի

4.65 из 5, отдано 20 голосов

Ծերենց թէեւ ուշ՝ 56 տարեկանին, 1877ին, լոյս ընծայեց իր առաջին պատմավէպը՝ «Թորոս Լեւոնի»ն, բայց անծանօթ գրչանուն չէր արեւմտահայ իրականութեան մէջ։ Աշխարհաբարի որդեգրման ու մշակման նախակարապետներէն եղած էր, աշխոյժ մասնակցութիւն բերած էր հայոց Ազգային Սահմանադրութեան հաստատագրման պայքարին, նաեւ՝ Մկրտիչ Պեշիկթաշլեանի հետ հաշտարար դերակատարութիւն ունեցած էր կաթոլիկութեան շուրջ ծաւալած Հասունեան եւ հակա-Հասունեան բուռն պայքարներու շրջանին, կաթոլիկ արմատականութեան եւ ծայրայեղականութեան (Հասունեանական շարժումին) դէմ դիրքորոշուելով, բայց նաեւ կաթոլիկ հայերու դաւանական ազատ ընտրութեան իրաւունքը պաշտպանելով։ Առաջինը եւ ամէնէն հռչակաւորը՝ «Թորոս Լեւոնի»ն, որ Բիւզանդիոնի հակահայ խարդաւանքներուն դէմ Կիլիկիոյ հայոց Թորոս իշխանին մղած երկարամեայ պայքարին հերոսապատումն է, 1877ին լոյս տեսաւ եւ արագօրէն լայն ժողովրդականութիւն ապահովեց արդէն 55ամեայ հեղինակին։

Категория: общая история

ISBN: 9781772467963

Правообладатель: Aegitas

Легальная стоимость: 0.00 руб.

Ограничение по возрасту: 12+

Читать книгу «Թորոս Լեւոնի» онлайн:

Комментарии ():